2013-06-01 11:23:34

Ս. Մարիամ Աստուածածնի Պատկերը Կը Քանդակուի Մարմարի Վրայ` Պիքֆայայի Վանքին Համար


Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ քանդակագործ Վարդան Աւէսեան Ս. Մարիամ Աստուածածնի պատկերը կը քանդակէ մարմարի վրայ: Քանդակին մեծութիւնը պիտի ըլլայ 1.5 մ լայնք եւ 2 մ երկայնք: Քանդակը պիտի զետեղուի Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող նահատակաց խորանին վրայ:
Վարդան Աւէսեան ծնած է Երեւան, եւ 1985-էն ի վեր հաստատուած է Պէյրութ: Ան իր աստուածատուր շնորհով քանդակագործութեան մարզին մէջ կարեւոր իրագործումներ կատարած է: Ս. Մարիամ Աստուածածնի պատկերը արուեստի իմաստով բացառիկ իրագործում մը կարելի է նկատել: Իր մասին վկայելով ուրիշ արուեստագէտ մը ըսած է` «մուրճն ու քարը անոր անբաժան ու հաւատարիմ բարեկամները եղած են: Անոր մուրճի ամէն մէկ հարուածին հետ միասին տաշուած ու քանդակուած է նաեւ իր հոգին` կերտելով խոնարհ, ծառայասէր եւ աստուածավախ արուեստագէտի մը կերպարը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.